Ռ. Հատտէճեան, Մարմարա, 15-16 հուլիս, 2004
Երգիչին վերջին երկու ձայնապնակները երաժշտութեամբ կը փառաւորեն Վահան Թէքէեանի, Իգնա Սարըսալնի, Զարեհ Խրախունիի ու Զահրատի Քերթուածները Պերճ Թիւրապեան հայ բանաստեղծութեան սիրահար երգիչ – յօրինող մըն է, որ կ'ապրի Նիւ Եորքի մէջ: Մօտաւորապէս երեք տարի առաջ իր անունը առաջին անգամ ըլլալով լսած էինք երբ մեր տրամադրութեան տակ դրուած էին իր երեք ձայնապնակները: Ֆրանսական ասմունքող-երգողներու աւանդական շունչը կար անոր վրայ, շունչ մը որ սակայն կը յաջողէր ընկալել հայկական մթնոլորտը: Տաքուկ ձայն մը ունէր ան, բայց ամէն բանէ առաջ, պաշտամունք` այն բանաստեղծներու նկատմամբ, զոր կ'ընտրէր երգի վերածելու համար։ Եւ արդէն ինչ որ մեր անմիջական ուշադրութիւնը կը լարէր, այն էր որ այս ձայնապնակներէն մէկուն մէջ կը գնտնէինք Խրախունիէն ու Զահրատէն ընտրուած բանաստեղծութիւններու վրայ երգեր: Մագնիսացած էինք մանավանդ Խրախունիի "Ձեռնածու" խորագրեալ բանաստեղծութեան նուիրուած երգէն:
Բայց միւսներն ալ նուազ գեղեցիկ չէին: Ձայնապնակներէն մէկուն մէջ երգիչը ման կուգար Թէքէեանի, Չարենցի, Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Խաչիկ Դաշտենցի, Պետրոս Դուրեանի, Ռուբեն Սեւակի բանաստեղծութիւներուն շուրջ: Ձայնապնակներէն մէկն ալ ամբողջովին նուիրուած էր Չարենցեան երգերու: Պերճ Թիւրապեանի գլխաւոր մասնայատկութիւնն էր բանաստեղծութիւնները երգել ասմունքի յստակութեամբ: Իր երգած երգին ո՜չ մէկ բառը անհասկնալի էր: Այն տպաւորութիւնը կ'ունենայինք թէ բանաստեղծութիւնը յօրինողին համար միջոց մը չէր, այլ ուղղակի նպատակ էր: Երգեր մտիկ կ'ընէինք, կը հասկնայինք թէ ինչեր կ'ըսէին մեզի բանաստեղծն ու երգիչը: Նպատակը միայն երաժշտութիւն ստեղծել չէր, այլ երաժշտութիւնը իրբ միջոց գործածել` բանաստեղծական խօսքին փայլը աւելցնելու համար: "Ահաւասիկ բանաստեղծութիւններ որոնք պատանութեանս շրջանէն ի վեր կը հետապնդեն զիս", կ'ըսէր Թիւրապեան, խօսք մը որ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Թիւրապեան բանաստեղծութիւնը կը սիրէ, որովհետեւ ինք ալ բանաստեղծ է: Այդ մասին ուժեղ փաստ մը ունեցած էինք հայ բանաստեղծութեան նուիրուած եւ "Հայերէն" վերնագրուած իր շատ յաջող ձայնապնակին վերջին երգովը, որ կը կոչուէր "Ովկիանի այս ափին": Իր կողմէ գրուած ու յօրիուած այս գործը ինքնին կը բաւէր մեզի ցոյց տալու համար թէ մեր դիմաց տաղանդաշատ բանաստեղծ մը կար որ գիտէր յուզուիլ ու յուզել: Անցնող աւելի քան երկու տարուան ընթացքին Թիւրապեան շարունակեց պտըտկիլ հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ եւ այս անգամ իր աշխատանքը կեդրոնացուց երկու մասնաւոր թէմաներու վրայ: Առաջինը ամբողջովին Վահան Թէքէեան էր: Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները յատուկ արժէք ունին Թիւրապեանին համար: Յօրինողը մեծ հիացում ու սէր ունի Թէքէեանին նկատմամբ եւ այստեղ Թէքէեանի 13 բանաստեղծութիւնները նիւթ դարձած են իր երաժշտութեան: Այս ձայնապնակը իր անունը փոխ առած է Թէքէեանի "Անունդ" խորագրեալ բանաստեղծութենէն եւ կը կոչուի "Անունդ": Երկրորդը Իսթանպուլահայութեան համար սրտախօսիկ թէմա մըն էր: Երգիչը ընտրած էր երեք տաղանդաւոր իսթանպուլահայ բանաստեղծներ` Իգնա Սարըասլան, Խրախունի ու Զահրատ եւ ամբողջ ձայնապնակ մը լեցուցած էր անոնցմէ ընտրուած 13 երգերով: Այս ձայնապնակը իր անունը փոխ կ'առնէր Խրախունիին "Թռչնահոգի" խորագրեալ բանաստեղծութենէն: Երկու ձայնապնակներն ալ, ինչպէս Թիւրապեանի նախորդ ձայնապնակները, ունին արտակարգ խնամքով ու բծախնդիր աշխատանքով պատրաստուած գրքույկներ, որոնց մէջ մեր սիրելի արուեստագէտը կարգով կը հրատարակէ երգուած բանաստեղծութիւններուն պատճէնները, նախ հայերէն բնագրով, ապա անգլերէն, ֆրանսերէն ու ոմանց պարագային նաեւ գերմաներէն թարգմանութիւններով: Միայն այս թարգմանութիւնները ցոյց կուտան թէ Թիւրապեան ինչպէս դուրս կը յորդի երգի ու երաժշտութեան սահմաններէն ու կը մտնէ գրականութեան սահմաններուն մէջ: Խղճմտութիւնը եւ հայ բանաստեղծութիւնները օտարներու սիրցնելու, զանոնք հասկնալի դարձնելու այս նախանձախնդրութիւնը այստեղ հասած է արտակարգ համեմատութեան մը եւ կարելի է ենթադրել թէ այսքան մեծ թիւով բանաստեղծութիւններու երեք լեզուներու թարգմանութիւնը ինքնին այնքան զբաղեցուցած է հեղինակը, որքան զինքը զբաղեցուցած է մեղեդիներու յօրինումն ու երաժշտական ընկերակցութեան կիրարկումը:
…Երբ Ամեիրկա հաստատուեցավ, Թիւրապեան որպես նուէր ստացավ կիթառ մը եւ այդ կիթառին վրայ սկսավ երգեր յօրինել: Առաջին յօրինումները Թէքէեանեն էին, "Ես սիրեցի" ու "Փափաք": Նախ քաջալերութիւն չստացաւ: Ամերիկայի մէջ հայերը "տավուլ-զուրնա"-յի սիրահար էին եւ այսպիսի երգերէ չէին ախորժէր: Բայց Թիւրապեան աւելի վերջ շարունակեց: Հայ բանաստեղծութեան գոհարները միշտ ալ խանդավառած էին զինքը եւ ան սկսաւ իր կիթառով ու երգով պտրտկիլ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ:
Թէքէեանի նուիրուած ձայնապնակը կը վկայէ Թիւրապեանի քաջութեան մասին: Արդարեւ որեւէ յօրինողի համար Թէքէեան թերեւս այն վերջին բանաստեղծը պիտի ըլլար որմէ կարելի է բանաստեղծութիւն մը ընտրել երգի վերածելու համար: Բայց Թիւրապեան ահաւասիկ ընտրած է Թէքէեանէ 13 երգեր եւ անոնցմէ կազմած է հրաշալի երգերու փունջ մը:… Թիւրապեան այս երգերէն իւրաքանչիւրին համար գտած է մերձենալու տարբեր ձեւ մը, մերձենալու` երկիւղածութեամբ ու սիրով, միշտ հաւատարիմ մնալով բանաստեղծութեան ոգիին, երբեմն տողերն ու բառերը կրկնելով, եւ ընկերակից ունենալով դաշնակի, ագորտէոնի, սրինգի ու թաւջութակի շատ տպաորիչ դաշնաւորումներ: Այս ձայնապնակին վրայ Նայիրի Գասպարեանն է որ պիտի բերէ իգական ձայնի նպաստը: "Տաղ Հայերէն Լեզուի" երգը կը սկսի շատ ինքնատիպ մեղեդիով մը, "Անունդ"-ը կ'արժանանայ Ֆրանսայի մշակութային մթնոլորտը յիշեցնող ագորտէոնի մը ընկերակցութեան, "Ես Սիրեցի"-ն դարձեալ կը տրուի տպաւորիչ մեղեդիով մը: Լսելով Թիւրապեանի երգերը, կ'անդրադառնանք որ ընտրուած բանաստեղծութիւնները ո’չ միայն չեն տուժեր երգի համար իբր բառ գործածուելէ, այլ նաեւ շատ բան կը շահին, որովհետեւ Թիւրապեան ամենամեծ յարգանքը ունի բանաստեղծութեան նկատմամբ եւ չ’արտօներ որ բանաստեղծութեան մէկ բառն իսկ երգի ընթացքին կորսնցնէ իր գոյութեան իրաւունքը: Վերջին հաշուով, հոս ասմունքն ու երգը կը միանան իրարու: Օրինակ, շատ ինքնատիպ թէքնիք մը գործածուած է "Պարէ աղջիկ"-ի մէջ, որ միւսներեն կը զատուի իր առինքնող կշռոյթով: Խորապէս տվաւորիչ է նաեւ "Քու յիշատակդ այս գիշեր"-ը, որ կ'երգուի իգական ձայնով եւ որ դարձեալ հրաշալի գիւտ մը ունի որպէս մեղեդի: Պէտք է ըսել սակայն թէ բոլոր երգերուն մէջ մեղեդիական գեղեցկութիւն մը կայ, որ կը սնուցուի միւս նուագարաններու նուագեն: Թիւրապեանի "Թէքէեան"-ը շատ հաճելի ու յաջող իրագործում մըն է, տաղանդաւոր երգիչի ու յօրինողի գործ, մեր մշակութային կեանքէն ներս նորարարութիւն մը: Բայց պիտի տեսնենք որ Թիւրապեան ինքզինք գերազանցած է յաջորդ ձայնապնակին մէջ, որ նուրուած է Իսթանպուլահայ երեք բանաստեղծներու, Սարըասլան, Խրախունի, Զահրատ: Այս մէկը Թիւրապեանի ցարդ հրատարակած ձայնապնակներուն ամէնէն թանկագինն է մեր կարծիքով:… Առանց դոյզն իսկ վարանելու կրնանք պնդել թէ Պերճ Թիւրապեանի այս ձայնապնակը անյագուրդ գեղեցկութիւն մը ունի եւ անձանձրոյթ կրնանք մտիկ ընել իրերայաջորդ կերպով, մէկ քանի անգամ: Երգիչը ինքն ալ զգացած է թէ ունկնդիրը չէ յագեցած ու ճիշդ այն պահուն երբ կը կարծենք թէ ձայնապնակը հասած է աւարտին, յանկարծ կը լսենք որ կը կրկնուի Խրախունիին "Կաթիլներ"-ը, թերեւս փոքր ինչ փոփոխութիւններով: Կը տարուինք մտածելու թէ յօրինողը ինքն ալ մեզի նման, շատ սիրած է այս երգը` "Արտասուքի պէս վճիտ": Իսթանպուլահայ գրականութիւնը պէտք է երախտապարտ մնայ Պերճ Թիւրապեանին, որ ստեղծած է այսպիսի ձայնապնակ մը: Երանի թէ կարելիութիւնն ունենանք ամէն տունէ ներս մտցնելու այս գեղեցիկ գործը: Թերեւս կրնանք յուսալ որ մօտիկ եղանակին Թիւրապեան մեր քաղաքը կուգայ ու բեմին վրայ անձամբ կը մատուցանէ այն յարգանքը, զոր ինք զգացեր է Իսթանպուլահայ բանաստեղծութեան նկանմամբ: